1
Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հավանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։
2
Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. Իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»։
3
Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն, Ապականիչ ժանտամահէն։
4
Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ Ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս։ Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի։
5
Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն Ու ցորեկը՝ թռչող նետէն
6
Ոչ ալ՝ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն Ու կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն։
7
Հազար հոգի քու քովէդ Ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան, Բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։
8
Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս Ու ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես։
9
Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս, Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր
10
Քեզի չարիք պիտի չհասնի Եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ։
11
Վասն զի իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, Որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն։
12
Անոնք ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, Որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես։
13
Առիւծի ու իժի վրայ պիտի քալես. Առիւծի կորիւնը ու վիշապը պիտի կոխկռտես։
14
Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ, Անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա. Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, Վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ։
15
Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ, Նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ, Պիտի ապրեցնեմ ու փառաւորեմ զանիկա
16
Երկայն օրերով պիտի կշտացնեմ զանիկա Ու իմ փրկութիւնս անոր պիտի ցուցնեմ։