Աստվածածին Սուրբ գիրքի հովիվներ

Աստվածածին Սուրբ գիրքի հովիվներ

Եւ դո՛ւն, ո՛վ Բեթլէհէմ Եփրաթա, Թէեւ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ ես, Բայց քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Ու անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է։

ՄԻՔԻԱՅ 5:2

Անոր համար Տէրը ինք նշան պիտի տայ քեզի. Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի Եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի։

ԵՍԱՅԵԱՅ 7:14

Եւ երբ անիկա այս բանը կը մտածէր, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Յո՛վսէփ, Դաւիթի որդի, մի՛ վախնար Մարիամը իբր կին առնելէ, վասն զի անոր ներսիդին ծնածը Սուրբ Հոգիէն է։ Ան որդի մը պիտի ծնանի, անոր անունը Յիսուս պիտի դնես, քանզի անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»։

ՄԱՏԹԷՈՍ 1:20-21

Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:16

Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Իշխան։

ԵՍԱՅԵԱՅ 9:6

Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս,) շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն։

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1:14

Բայց երբ ժամանակը լեցուեցաւ, Աստուած իր Որդին ղրկեց, որ կնոջմէ եղաւ ու օրէնքի տակ մտաւ. Որպէս զի օրէնքի տակ եղողները փրկէ եւ որպէս զի մենք որդեգրութիւնը ընդունինք։

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 4:4-5

Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ։ Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է։

ՂՈԻԿԱՍ 2:10-11

Իսկոյն այն հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կ’օրհնէին ու կ’ըսէին. «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։

ՂՈԻԿԱՍ 2:13-14

Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ տեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ։ Երբ տեսան աստղը, շատ ուրախացան։ Տունը մտնելով՝ տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ ու ինկան երկրպագութիւն ըրին անոր եւ իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր՝ ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս։ Ու երազի մէջ հրաման առնելով, որ նորէն Հերովդէսին չդառնան, ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը։

ՄԱՏԹԷՈՍ 2:9-12

ԿարգերԱռանց կարգի