![ՏԷՐԸ ՄԵՐ ՀՈՎԻՒԸ](https://blog.youversion.com/wp-content/uploads/2021/09/psalm-23-the-lord-is-my-shepherd.jpg)
1
Տէրը իմ հովիւս է. Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։
2
Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ։
3
Հոգիս կը նորոգէ։ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ ինծի։
4
Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, Վասն զի դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։
5
Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս իմ թշնամիներուս դիմաց. Իմ գլուխս իւղով կ’օծես, Իմ բաժակս խիստ լեցուն է։
6
Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ Ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ։