9
Ուստի այսպէս աղօթք ըրէք դուք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ.
10
Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ.
11
Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր
12
Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն.
13
Ու մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ. քանզի քուկդ է թագաւորութիւնը եւ զօրութիւնը ու փառքը յաւիտեանս։ Ամէն»։