Ես եմ աշխարհի լոյսը

Ես եմ աշխարհի լոյսը

Յիսուս նորէն խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 8:12

Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։

ԵՍԱՅԵԱՅ 9:2

Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, Ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, Ես որմէ՞ պիտի դողամ։

ՍԱՂՄՈՍ 27:1

Վասն զի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը։

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4:6

Եւ եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է, ա՛լ մարմինը մեռած է մեղքի համար ու հոգին կենդանի է արդարութեան համար։ Իսկ եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին ձեր մէջ բնակած է, ուրեմն անիկա որ Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, պիտի կենդանացնէ ձեր մահկանացու մարմիններն ալ իր Հոգիովը որ ձեր մէջ կը բնակի։

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:10-11

Քանզի թէեւ ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք Տէրոջմով. ուստի լոյսի որդիներու պէս քալեցէք.

ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5:8

Հապա եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս անիկա լոյսի մէջ է, իրարու հետ հաղորդակից կ’ըլլանք ու անոր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ։ Եթէ ըսենք թէ «Մենք մեղք մը չունինք», ինքզինքնիս կը խաբենք ու մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու։

ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1:7-9

Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։ Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։ Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։

ՄԱՏԹԷՈՍ 5:14-16

Եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր ու խաւարը զանիկա չճանչցաւ։

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1:5

ԿարգերԱռանց կարգի