28
Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են։
29
Վասն զի զանոնք որ առաջ կը ճանչնար, առաջուընէ սահմանեց իր Որդիին պատկերին կերպարանակից ըլլալու. որպէս զի անիկա անդրանիկ ըլլայ բազմաթիւ եղբայրներու մէջ։
30
Անոնք որ նախապէս սահմանեց նաեւ կանչեց զանոնք եւ անոնք որ կանչեց, նաեւ արդարացուց զանոնք եւ անոնք որ արդարացուց, նաեւ փառաւորեց զանոնք։
31
Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն համար. ‘Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ’։
32
Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր։
33
Ո՞վ է որ Աստուծոյ ընտրածներուն դէմ մեղադիր կ’ըլլայ։ Աստուած է որ կ’արդարացնէ։
34
Ուրեմն ո՞վ է որ կը դատապարտէ։ Քրիստոս է որ մեռաւ, մանաւանդ որ յարութիւն ալ առաւ ու Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաեւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ։
35
Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը.
36
(Ինչպէս գրուած է. ‘Ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք. մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք’.)
37
Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։
38
Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները
39
Ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։